image

Եթէ Ռուսիան յաղթէ, Եւրոպան պիտի մնայ առանց անվտանգութեան. Մաքրոն

Եթէ Ռուսիան յաղթէ, Եւրոպան պիտի մնայ առանց անվտանգութեան. Մաքրոն

Եւրոմիութիւնը պէտք է համարձակ որոշումներ կայացնէ՝ պաշտպանելու Ուքրանիան՝ կանխելով Միացեալ Նահանգներու որեւէ որոշում՝ դադրեցնելու կամ նուազեցնելու իր ռազմական աջակցութիւնն այդ երկրին, ըսած է Էմանուէլ Մաքրոն։

Ինչպէս նշած է The Guardian-ը, Մաքրոն այս մասին ըսած է Շուէտի մէջ՝ ընդգծելով, որ Եւրոպայի ապագայ անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը, ներառեալ եւրոպական տարածքն ընդգրկող սպառազինութիւններու վերահսկման համաձայնագրերը, այլեւս չեն կրնար կարգաւորուիլ միայն  Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կողմէ, եւ Եւրոպան պէտք է իրաւունք ունենայ որոշելու իր ապագան:

Բայց Մաքրոն նաեւ պնդած է, որ եթէ Եւրոպան իսկապէս արագցնէ քայլերը եւ օգնէ կանխել Ռուսիոյ յաղթանակը, Միացեալ Նահանգները ՆԱԹՕ-ի միջոցով այլեւս չի կրնար մենաշնորհ ունենալ Մոսկուայի հետ ապագայ յարաբերութիւնները որոշելու առումով:

Ելոյթ ունենալով Շուէտի պաշտպանութեան ակադեմիայի մէջ Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսընի հետ՝ Մաքրոնն ըսած է. «Սա վճռական պահ է Եւրոպայի համար։ Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք գործելու՝ պաշտպանելու եւ աջակցելու Ուքրանիոյ այն ամէնով, ինչ անհրաժեշտ է, եւ անկախ անկէ, թէ Ամերիկան ինչ կ՚որոշէ: Եւրոպան բախտ ունեցած է ունենալ Ամերիկայի պէս գործընկեր, բայց մենք պէտք է յստակ ըլլանք: Ուքրանիան եւրոպական մայրցամաքի մէկ մասն է, եւ ինչ ալ որ Ամերիկան որոշէ, մենք պէտք է ճիշդ եւ համարձակ որոշումներ ընդունինք՝ աջակցելու Ուքրանիոյ եւ ուքրանացի ժողովուրդին»:

Մաքրոնի պնդմամբ՝ Եւրոպան պէտք է տարիներ շարունակ ընէ այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է եւ ինչ գինով ալ ըլլայ, որ Ռուսիոյ համար անհնարին դարձնէ յաղթանակը: Ֆրանսայի նախագահի համոզմամբ՝ եթէ Ռուսիան յաղթէ, Եւրոպան պիտի մնայ առանց անվտանգութեան գործող ճարտարապետութեան, որ հետեւանքներ պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի արեւելեան թեւին մէջ, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։

Մաքրոնն ըսած է. «Կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարու մէջ Ռուսիոյ յաղթանակի իրական գինը չափազանց մեծ է բոլորիս համար»:

Ան նշած է, որ Եւրոպայէն պիտի պահանջուի մեծցնել սեփական պաշտպանական արտադրութեան ջանքերը, որ Ուքրանիան կարողանայ կայուն խաղաղութեան բանակցութիւններ վարել։