image

Եթէ Ռուսիան յաղթէ, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ բոլոր հարեւաններու անվտանգութիւնը կասկածի տակ պիտի դրուի. Մաքրոն

Եթէ Ռուսիան յաղթէ, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ բոլոր հարեւաններու անվտանգութիւնը կասկածի տակ պիտի դրուի. Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած է, որ 2024 թուականի փետրուարին մտադիր է այցելել Քիեւ՝ Ուքրանիոյ ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու հետ քննարկելու զէնքի նոր մատակարարումները։

Ան չէ յայտնած Ուքրանիոյ մայրաքաղաք իր այցի յստակ ժամկէտները։

Մաքրոն ըսած է, որ Ֆրանսան շուտով Ուքրանիոյ պիտի փոխանցէ մօտ 40 SCALP հրթիռ, քանի մը հարիւր ռումբ եւ Ceaser ինքնագնաց հրետանային կայանքներ։

«Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ Ռուսիան յաղթէ, եւ մենք պէտք չէ այդ ընենք, քանի որ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ բոլոր հարեւաններու անվտանգութիւնը կասկածի տակ պիտի դրուի»,- ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Բացի այդ, Էմանուէլ Մաքրոնի խօսքով, Ֆրանսայի եւ Ուքրանիոյ իշխանութիւններն արդէն աւարտած են անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ երկկողմ համաձայնագրի շուրջ աշխատանքը, որ կրնայ ստորագրուիլ մօտ ապագային։