Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը չէ բացառած «արեւմտեան զօրքեր» Ուքրանիա ուղարկելը՝ ռուսական յարձակումը ետ մղելու համար։ Մաքրոն պարզաբանած է, որ այդ քայլին կրնան դիմել՝ հասնելու համար նպատակին, որ անփոփոխ կը մնայ՝ Ռուսիան չի կրնար եւ պէտք չէ յաղթէ իր իսկ սանձազերծած պատերազմին։ Այս մասին գրած է rfi.fr կայքը:
Ուքրանիա «արեւմտեան զօրքեր» ուղարկելու հնարաւորութեան մասին հարցին ի պատասխան Ֆրանսայի նախագահն ըսած է. «Այսօր համաձայնութիւն չկայ պաշտօնական տեղակայման, պատասխանատւութեան ընդունման եւ այնտեղ զօրքեր ուղարկելու հաստատման վերաբերեալ։ Բայց ոչինչ բացառել կարելի չէ։ Մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որ Ռուսիան չյաղթէ այս պատերազմին»։
Բացի այդ, Մաքրոնը յայտարարած է Ուքրանիոյ աջակցող նոր՝ 9-րդ դաշինքի ստեղծման մասին՝ հեռահար զէնքի մատակարարման նպատակով։
«Պիտի ստեղծուի նոր դաշինք՝ Ուքրինիոյ միջին եւ մեծ հեռահարութեան հրթիռներ եւ ռումբեր մատակարարելու համար»,-յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը։
Այդ յայտարարութիւնները եղած են Ուքրանիոյ աջակցութեան համաժողովէն ետք, որ տեղի ունեցած է փետրուար 26-ի երեկոյեան, Էլիզեան պալատին մէջ: