Չեխիոյ վարչապետ Անտրէյ Պապիշի վրայ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ ձու նետած են ։
Միջադէպը տեղի ունեցած է Փրակայէն ոչ հեռու գտնուող Փուրկոնիցէ աւանը, ուր վարչապետը կը մասնակցէր 8-9 Հոկտեմբերին կայանալիք խորհրդարանի ստորին պալատի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւին։
«Իրաւախախտումը կատարելու կասկածանքով երկու մարդ ձերբակալուած է »,– ըսած են Ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Անտրէյ Պաբիշը կը ղեկավարէ ANO կեդրոնամէտ քաղաքական շարժումը (Դժգոհ քաղաքացիներու բողոք):