image

Չեխիոյ մէջ. Գործարար Գէորգ Աւետիսեան պարգեւատրուեցաւ

Չեխիոյ մէջ. Գործարար Գէորգ Աւետիսեան պարգեւատրուեցաւ

Հոկտեմբերի 29-ին Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանի հրապարակած հրամանագիրով, Չեխոսլովաքիոյ անկախութեան 103-ամեակին առիթով պարգեւատրուած 29 յայտնի դէմքերուն շարքին է նաեւ «Մարլենկա» միջազգային ընկերութեան նախագահ Գէորգ Աւետիսեանը։

Չեխիոյ նախագահին հրամանագիրով հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւներու արժանացած են գիտու- թեան, մշակոյթի, գործարարութեան, մարմնակրթութեան, ռազմական եւ ա- ռողջապահութեան ոլորտի գործիչներ։ Սակայն նախագահին անհանգստութեան պատճառով պարգեւներու տուչութեան արարողութիւնը յետաձգուած է 1 Յունուար 2022-ին։

Գէորգ Աւետիսեան Չեխիոյ մէջ յայտնի գործարար է, որ 18 տարիներ շարունակ կ’արտադրէ «Մարլենկա» մեղրով կարկանդակներ եւ զանոնք կ’առաքէ աշխարհի 50-է աւելի երկիրներ՝ այդպիսով նպաստելով չեխական որակաւոր արտադրութեան տարածման։

Եւրոպական «Օրեր» թերթը, որ հրապարակած է լուրը, հաղորդեց, որ մեր հայրենակիցը ամենուր կը շեշտէ, որ իր կարկանդակներուն բաղադրութիւնը հայկական ընտանեկան է։ Չեխիոյ ան- կախութեան ողջ ընթացքին ան միակ հայ գործիչն է, որ ցարդ արժանացած է նման պարգեւի։

Ըստ մամլոյ հրապարակման, Գէորգ Աւետիսեան պարգեւատրուած է «Ծառայութեան համար» առաջին աստիճանի մետալով։ Անոր պարգեւատրումը կարեւոր ձեռքբերում է նաեւ չեխահայութեան համար, կը վկայէ, որ չեխահայերը կը վայելեն երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան յարգանքը եւ ըստ արժանւոյն կը գնահատուին։

Գէորգ Աւետիսեան նաեւ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ համայնքային կեանքին՝ աջակցելով բազմաթիւ հայանպաստ ծրագիրներու։

Ան բազմիցս ճանչցուած է Չեխիոյ «Տարուան լաւագոյն գործարարը»։

 

Լուրը՝  «Օրեր» հանդէսէն: