image

Չաւուշօղլուի «ժեստ»ը պատճառ. Ուրուկուէյ յետաձգեց Թուրքիոյ մէջ դեսպանի նշանակումը

Չաւուշօղլուի «ժեստ»ը  պատճառ. Ուրուկուէյ  յետաձգեց  Թուրքիոյ  մէջ դեսպանի նշանակումը

Ուրուկուէյի Ծերակոյտը միաձայնութեամբ պաշտպանած է Անգարայի մէջ դեսպանի նշանակումը յետաձգելու առաջարկը` Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի` «Գորշ գայլերու» խորհրդանշանով ձեռքի շարժումին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Մերքոփրէս»-ը:

Առաջարկը կատարուած է հայ ծերակուտական Լիլիամ Քչիչեանի կողմէ: Անոր խնդրանքով խորհրդարանի վերին պալատը համաձայնած է գործը ետ ուղարկել արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբ:

Յիշեցնենք, որ հայ ցուցարարներու վանկարկումներուն ի պատասխան, Չաւուշօղլուն «Գորշ գայլեր» ազգայնամոլներու յայտնի ձեռքի շարժումը կատարած էր, որմէ ետք Թուրքիոյ դեսպանը Ուրուկուէյի Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած էր: