image

Չաւուշօղլու Ուքրանիոյ տագնապին մասին. «Կրնայ տասնամեակներ տեւել»

Չաւուշօղլու Ուքրանիոյ տագնապին մասին. «Կրնայ տասնամեակներ տեւել»

Ուքրանիոյ իրավիճակը կրնայ տասնամեակներ տեւել։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը, այս յայտարարութիւնը ըրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Անգարայի բուհերէն մէկուն մէջ կազմակերպուած գիտաժողովի ժամանակ։

Թուրք նախարարը նշած է, որ ուքրանական իրադրութիւնը այսպէս թէ այնպէս պիտի կարգաւորուի բանակցային սեղանի շուրջ եւ ոչ թէ մարտի դաշտին մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւններու ճանապարհով։

Չաւուշօղլուն յիշեցուցած է, որ Անթալիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ԱԳՆ ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններու հանդիպման աւարտին կողմերը մօտ էին հրադադարի պայմանաւորուածութեան, սակայն հետագային կրկին հեռացան երկխօսութենէն։

«Այսօր պայմանները լրջօրէն կը տարբերին մարտին եղած պայմաններէն։ Ակնյայտ են նոր իրողութիւնները։ Իրավիճակը աւելի խճճուած է, սակայն յոյսը կորսնցնել կարելի չէ», – նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։

Անոր խօսքով` խաղադրոյք կատարելով Ուքրանիոյ ռազմական բաղկացուցչի վրայ՝ վտանգ կայ, որ առճակատումը կրնայ տասնամեակներ տեւել։

Յիշեցնենք, որ 24 փետրուարի վաղ առաւօտեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ նկատմամբ յատուկ ռազմական գործողութեան մասին որոշում կայացուցած է, քանի որ Տոնէցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւնները (ԴԺՀ և ԼԺՀ) դիմած են օգնութեան խնդրանքով։

Ուքրանիոյ մէջ մարտական գործողութիւններ կ'ընթանան արդէն 273-րդ օրը։