image

Բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին. Բերման ենթարկուածներուն մէջ կայ անչափահաս պատանի

Բողոքի  գործողութիւնները կը շարունակուին. Բերման ենթարկուածներուն մէջ կայ անչափահաս պատանի

Արդէն 18-րդ  օրն է, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին։ Այսօր առաւօտեան  ժամերէն «Դիմադրութիւն» շարժումը  վերսկսած է անհնազանդութեան գործողութիւնները: Երեւանի տարբեր հատուածներու էջ անոնք փողոցներ փակած են: Մասնաւորապէս, փակուած են Տէրեան-Իսահակեան խաչմերուկը, Պարոնեան փողոցը, Սեւակ-Ռուբինեանց խաչմէրուկը եւ այլն: Կան բազմաթիւ բերման ենթարկուածներ:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ ընդդիմութիւնը հերթականին պէս այսօր յետմիջօրէին կայացնէ     մեծ հանրահաւաք Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ։ 

«Մի խումբ բերման ենթարկուածներին բաց թողնելուց յետոյ կարծում էինք Էրեբունու բաժնից արդէն կարող ենք գնալ, երբ մօտեցաւ նոր մեքենայ «Արցախ, Արցախ« վանկարկումներով»: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է ԱԺ պատգամաւոր Էլինար Վարդանեանը:

«Դիմաւորում ենք հերթական խմբին: Բաժնում արդէն «առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներն են: Բերման ենթարկուածների մէջ է նաեւ 14 տարեկան անչափահաս», յաւելել  ան: