image

Բողոքի գործողութիւններ Երեւանի եւ մարզերու մէջ. Կան տասնեակ փակ փողոցներ

Բողոքի գործողութիւններ Երեւանի եւ մարզերու մէջ. Կան տասնեակ փակ  փողոցներ

 Յիշեցնենք, որ կարգ մը շրջաններու մէջ  բողոքի գործողութիւններուն  իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ընդդիմադիր պատգամաւորներ, որոնք կը փորձեն իրենց սեփական ինքնաշարժներով փակ պահել ճանապարհները։

 

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ կան բերման ենթարկուածներ։

Ժամը ժամին  եւ արագ տեղեկատւութիւն ստանալու համար միացէք մեր դիմատետրեան էջերուն ու յատկապէս թելեկրամեան ալիքին՝  https://t.me/Arevelkam

 Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Երեւանի  տարբեր շրջաններու եւ նոյնիսկ մարզերու մէջ  փակուած են տասնեակ փողոցներ եւ միջ-մարզային նշանականութեան ճանապարհներ։

  Բողոքի գործողութիւններուն կը մասնակցի նաեւ Բագրատ Սրբազանը, որ երէկ   ընդդիմութեան իրականացուցած հանրահաւաքին յայտարարուած էր, որպէս վարչապետի պաշտօնին թեկնածու։

Ոստիկանական ուժեր, որոնք երէկուընէ ի վեր կը վերահսկեն քաղաքի անվտանգութիւնը  այսօր առաւօտեան ժամերէն կը փորձեն վերաբանալ  փակուած ճանապարհները։

 Յիշեցնենք, որ կարգ մը շրջաններու մէջ  բողոքի գործողութիւններուն  իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ընդդիմադիր պատգամաւորներ, որոնք կը փորձեն իրենց սեփական ինքնաշարժներով փակ պահել ճանապարհները։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ կան բերման ենթարկուածներ։

Ժամը ժամին  եւ արագ տեղեկատւութիւն ստանալու համար միացէք մեր դիմատետրեան էջերուն ու յատկապէս թելեկրամեան ալիքին։