image

Բրիտանական BP ընկերութիւնը մեծ շահեր կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանէն

Բրիտանական BP ընկերութիւնը մեծ շահեր կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանէն

Անցեալ տարի Ատրպէյճանի Շահ Տենիզ հանքավայրին մէջ կազի արդիւնահանումը ծրագրուածէն բարձր եղած է, ներկայիս աշխատանքները կը շարունակուին, որ տարեվերջին այն հասնի նոր մրցանշային մակարդակի: Այս մասին յայտարարած է BP-ի (բրիտանական ընկերութիւն, նախագիծի գործարկու) հաղորդակցութեան եւ արտաքին կապերու գծով փոխնախագահ Պախթիյար Ասլանպեյլին, հաղորդած է «Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճանը»։

Անոր խօսքով՝ կ'իրականացուի գործողութիւններու կրճատում, որ թոյլ կու տայ առաւելագոյնս լուծել ծագած հարցերը, ինչպէս նաեւ սկսած են հետախուզական հորատանցքի հորատման աշխատանքները։  

Եթէ ենթադրութիւնները հաստատուին, ապա BP-ն պատրաստ պիտի ըլլայ լրացուցիչ աւելցնելու արտադրութիւնը։ Նոր պաշարներու հետախուզման արդիականութիւնը կը մեծնայ՝ հաշուի առնելով Եւրոպայի մէջ կազի շուկայի փոփոխութիւնը, որ կը ձգտի առաւելագոյնս զանազանակերպել կազի մատակարարումները եւ խուսափիլ Ռուսիոյ կախուածութենէն։

Շահ Տենիզի հանքավայրէն կազի արդիւնահանումը 2022 թուականին կազմած է 25,2 միլիառ խորանարտ մեթր, որ 11,5 տոկոսով աւելի է, քան մէկ տարի առաջ, որմէ արտահանուած է 20,8 միլիառ խորանարտ մեթր՝ 18,1 տոկոսով աւելի։

2027 թուականին Ատրպէյճանը պատրաստ է կրկնակի աւելցնել կազի մատակարարումները Եւրոպա։ Հունգարիան, Ռումինիան, Պուլկարիան եւ Սլովաքիան դիմած են Եւրոպական յանձնաժողովին՝ համապատասխան ենթակառուցուածքներու կառուցման հարցով օգնելու խնդրանքով: