«Հանքարդիւնաբերութիւնն է, որ կ'ապահովէ Սիւնիքի մարզի բարձր աշխատավարձերը, աղքատութեան ցած մակարդակը։ Այս ամէնուն կրնանք գումարել նաեւ զինուորականութիւնը»,- նշած է տնտեսագէտը, նկատի ունենալով, որ բարձր վարձատրուող զինուորական մասնագիտութիւնը նոյնպէս կը նպաստէ մարզի աղքատութեան ցած թիւեր ունենալուն:
Ըստ Սուրէն Պարսեանի, այս մարզի աշխատողներու մեծ մասը հանքարդիւնաբերութեան ոլորտով կը զբաղի կամ՝ հանքարդիւնաբերութիւնը սպասարկող ձեռնարկութիւններով։ Յայտնի է նաեւ, որ Սիւնիքի մարզը ճանչցուած է նաեւ իր զբօսաշրջութեամբ:
Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէն ամփոփած է 2023-ի առաջին եռամսեակը եւ տուեալներ հրապարակած ՀՀ-ի մէջ գործող աշխատավարձերու վերաբերեալ։ Ըստ այդմ՝ Հայաստանի մէջ ամենաբարձր աշխատավարձը կը ստանան Սիւնիքի մարզին մէջ (272 574 դրամ, իսկ նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին 271 711 դրամ): Ամենացած աշխատավարձերը Հայաստանի Շիրակի մարզին մէջն են (2023-ի առաջին եռամսեակին 131 856 դրամ, իսկ 2022-ին՝ 120 881 դրամ)։
Տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան այս թեման մեկնաբանելով, Vesti.am լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին նշած է, որ Սիւնիքի մարզին մէջ ամենաբարձր աշխատավարձերու առկայութիւնը պայմանաւորուած է մարզին մէջ առկայ հանքարդիւնաբերութեամբ։ Բայց տնտեսագէտը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Սիւնիքն ունի ամենացած աղքատութեան մակարդակը՝ 2.3 տոկոս։ Հայաստանի միջին աղքատութեան ցուցանիշը 26.5 տոկոս է, որու միայն 2․3 տոկոսը Սիւնիքի մէջն է։
«Հանքարդիւնաբերութիւնն է, որ կ'ապահովէ Սիւնիքի մարզի բարձր աշխատավարձերը, աղքատութեան ցած մակարդակը։ Այս ամէնուն կրնանք գումարել նաեւ զինուորականութիւնը»,- նշած է տնտեսագէտը, նկատի ունենալով, որ բարձր վարձատրուող զինուորական մասնագիտութիւնը նոյնպէս կը նպաստէ մարզի աղքատութեան ցած թիւեր ունենալուն:
Ըստ Սուրէն Պարսեանի, այս մարզի աշխատողներու մեծ մասը հանքարդիւնաբերութեան ոլորտով կը զբաղի կամ՝ հանքարդիւնաբերութիւնը սպասարկող ձեռնարկութիւններով։ Յայտնի է նաեւ, որ Սիւնիքի մարզը ճանչցուած է նաեւ իր զբօսաշրջութեամբ:
Այստեղ կայ թէ՛ աւանդական, թէ՛ նորագոյն զբօսաշրջութիւն, որ սակայն, սպասելի արդիւնքներ չի տար: Թէ ինչ ազդեցութիւն ունի զբօսաշրջութիւնը մարզի զարգացման վրայ, Սուրէն Պարսեան մեկնաբանած է. «Մեր մօտ զբօսաշրջութեան մասով մշտապէս ունեցած ենք հարաւային ուղղութիւնը, մասնաւորապէս՝ Տաթեւ, Շաքէի ջրվէժ, Գորիս, Կապան։ Սա կար միչեւ 2020, որմէ յետոյ իրավիճակը լրիւ փոխուած է՝ զբօսաշրջութեան հոսքերն այդ ուղղութեամբ գրեթէ դադրած են։ Կրնամ նշել, որ այդ առումով Սիւնիքը ճգնաժամի մէջ է։ Բազմաթիւ հիւրանոցներ դադրեցուցած են իրենց գործունէութեան ծաւալները։ Նախապէս Գորիսէն Կապան կ'երթային հիմնական ճանապարհով, 2020-էն յետոյ կ'երթանք Տաթեւի ճանապարհով, որ նաեւ անվտանգութեան խնդիր ունի, բացի փոխադրայինը։ Կառավարութիւնը կը փորձէ խնդիրը լուծել «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհի նախագիծով։ Կան քննարկումներ, բայց դեռ մրցոյթը յայտարարուած չէ, գործնական քայլեր չկան»։
Տնտեսագէտը այս առիթով խօսած է նաեւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ առկայ հանքարդիւնաբերութեան մասին, նշելով, որ Սոթքի հանքավայրի փակումը մեծ ու խոշոր վնաս է Գեղարքունիքի մարզին, ուր աղքատութիւնն առանց այն ալ բարձր տոկոս կը կազմէ. Գեղարքունիքի մարզի աղքատութեան ցուցանիշը մօտ 48 տոկոս է, կարելի է ըսել՝ ամենաաղքատ մարզն է։
«Սոթքի հանքի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած է 1600-1800 աշխատող, որոնց միջին աշխատավարձը 400-500 հազար դրամ է։ Հանքի գործունէութեան դադրեցմամբ պայմանաւորուած՝ այդ մարդիկ իրենց աշխատանքը պիտի կորսնցնեն եւ պէտք է դիտարկենք, որ այլ աշխատանքի հնարաւորութիւն ալ չկայ։
Սոթքի հանքի դադրեցմամբ պիտի տուժեն ոչ միայն Սոթքի հանքի, այլ՝ օրինակ, երկաթուղիի աշխատողները, քանի որ հանքանիւթի տեղափոխումը Արարատի գործարան՝ կը կատարուէր երկաթուղիի միջոցով»,- նշած է տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան:
Ինչպէս յայտնի է՝ արպէյճանական սադրանքներու, կրակոցներու հետեւանքով դադրեցուած է Հայաստանի եւ Արցախի նախկին Քարվաճառ շրջանի սահմանի մէջտեղը գտնուող Սոթքի ոսկիի հանքավայրի աշխատանքները:
Նիւթի յաւելումները՝ «Արեւելք»ի
Նիւթը՝ «Վեսթի.ամ» կայքէն