image

Բարդ տագնապի ենթափուլ

Բարդ տագնապի ենթափուլ

Կարծէք ընտելացանք Արցախի այս նոր վիճակին, որ պաշարման եւ մարդասիրական բարդ տագնապի մը ենթափուլն է։ Այսօրուան վիճակը կարելի է կոչել ենթափուլ, որովհետեւ կարծէք նոյնիսկ պաշարման պայմաններուն ներքեւ խաղի ընդհանուր կանոնները ճշդուած են ու յայտնի են անոնց համար, որոնք կը համարուին խաղին մասնակից ենթակողմեր՝ մինչ խաղի իրական թելադրողները կը շարունակեն իրենց բախտը փորձել քուլիսներու ետին։ Իրօք, որո՞ւ համար, ո՞ր կողմին համար ձեռնտու է, որ Արցախի հայ ազգաբնակչութիւնը այսքան սեղմուի, ենթարկուի ամէնօրեայ տեսանելի եւ անտեսանելի ճնշումներու եւ հասնի ի վերջոյ այն ցաւոտ եզրակացութեան, թէ ժամանակը եկած է լքելու հայրենի պատմական հողը։ Մեծ եւ սրածայր հաշիւներու ենթաբաժանումին մէջ, Ուքրայնայի տագնապին, Ռուսաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեծ լարումին, Ատրպէյճան-Թուրքիա-Եւրոպա խողովակաշարերու եւ կազի հաշիւներուն մէջ, նաեւ այլ կողմէ մըն ալ մասնաւորապէս՝ շիի Իրանին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ամէն գնով պահել-պահպանելու վերաբերեալ վեր առնուած դրօշակները Արցախը դրած են մեծ տատանումներու փուլին մէջ։ Այս բոլորին կրնանք կցել, անշուշտ, Ուաշինկթընի կողմէ Պաքուին ուղղուած մեծ յորդորները ու աւելի վերջ ալ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դէտերու երկարաժամկէտ նոր առաքելութեան մասին լուրերը, որոնք պատկերը աւելիով կը բարդացնեն՝ մասնաւորապէս Ատրպէյճանին համար։

Այս բոլորի լոյսին ներքեւ, ըստ վերջին վերլուծութիւններուն, կայ մեծ հաւանականութիւն մը, թէ Հայաստանի դէմ ռազմական նոր գործողութիւններու շրջափուլը աւարտած ըլլայ։ Պաքու դժգոհ է ընդհանուր վիճակէն ու իրեն ուղղուած բոլոր մակարդակի յորդորները, նետուած սուր նետերը եւ մեծ հաշուով միջազգային մակարդակի դատապարտումները կրնան 2020 թուականին իր ունեցած մեծ յաղթանակի արդիւնքները զերոյացնել։ Ի վերջոյ Ատրպէյճան, նոյնիսկ ունենալով հանդերձ Թուրքիոյ նեցուկը՝ անհնար է, որ կռիւ տայ աշխարհին դէմ։ Ու այս առումով ալ կը թուի, թէ Իլհամ Ալիեւ եթէ չկարողանայ ճի՛շդ ուղղութեամբ, ճիշդ եւ արագ քայլերու դիմել, ապա կրնայ յայտնուիլ ոչ-նախանձելի վիճակի մը մէջ։ Ճիշդ է, որ այդ վիճակը ռազմական միջոցներով ըլլալիք, ստեղծուելիք բնոյթ մը չունի, սակայն, աւելի քան ճշմարտացի է, որ Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած արտաքին եւ բաւական ծանր կշիռով ճնշումները կը յաջողին երկիրը ներսէն տապալել։ Անշուշտ, այս մեծ պատկերը անմիջական կապ կ՚ունենայ նաեւ Թուրքիոյ ընդհանուր իրադրութեան եւ նախագահ Էրտողանի յստակ դիրքորոշումներուն հետ։ Թուրքիա երբեք առանձինն մարտի չէ ելած աշխարհին դէմ ու այսօր Թուրքիա-Ռուսաստան կապերու ամրութիւնը, նաեւ Թուրքիոյ մօտալուտ ընտրութիւնները տեղ մը մտածել կու տան, թէ մասնաւորաբար այս ժամանակշրջանին ան բնաւ պիտի չուզէ, որ նոր պայքարներու եւ նոր արիւնահեղութեան դռներ բացուին Հարաւային Կովկասի մէջ։

Այս բոլորը հաշուի առնելով եւ վերադառնալով մեր «փոքր ածու»ին, ապա աւելի քան յստակ է, որ ներկայիս Հայաստան յայտնուած է մեծ սպասողականութեան մը իրավիճակին մէջ։ Այդ սպասողականութիւնը անտարակոյս առընչութիւն ունի Ուքրայնայի պատերազմին հետ։ Յստակ է, որ միայն այդ դաշտին վրայ տեղի ունենալիք որեւէ առանցքային քայլ՝ յատկապէս Ռուսաստանի համար նահանջ կամ առաւելութիւն, Հարաւային Կովկասին վրայ պիտի բանայ Ռուսաստանի յստակ դիրքորոշումներու նոր ենթաշրջանը։

Տեղի պիտի տա՞յ Մոսկուան, պիտի նահանջէ՞, թէ ոչ Անգարայի հետ ձեռք-ձեռքի տալով պիտի ստեղծեն խաղարարար ճիգերով լեցուն ժամանակ մը, որ առաւելաբար քով-քովի պիտի բերէ Երեւանն ու Պաքուն։ Դժուար ցանկութիւններու ծիրին մէջ են այս փափաք-մտորումները ու ասոնց մէջ առաւելապէս խանգարող տարր մըն է Փաշինեան-Փութին՝ բաւական մտահոգիչ եւ ոչ-դրական լարերով իրարու կապուած բարդ յարաբերութիւնը։ Իշխանափոխութիւն մը, անշուշտ, Փութինի համար սրտի երազանք կրնայ ըլլալ, սակայն միայն այն պարագային, եթէ իշխանութեան հասնելիք ապագայ անձը չըլլայ Փութինի համար սրտակից ընկեր-մտերիմ մը, որ ո՛չ միայն բարձր նշաձողներ կրնայ հաստատել Մոսկուայի համար, այլ անկէ ունենալ բաւական մեծ եւ զոհողութիւններով առլցուն պահանջներ։

 

ԴԱՐՁԵԱԼ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Վերեւը նշուածներուն վերջին մասը կապ ունի Ռուսաստանի կողմէ Փաշինեանին տեղ հաւանական այլընտրանք մը ճարելու դրոյթին հետ։ Այս առումով ու յատկապէս ներկայ փուլին շրջանառութեան մէջ է յայտնի գործարար Ռուբէն Վարդանեանին անունը, որ չես գիտեր ի՜նչ հրաշքով այսօր ունեցաւ բաւական ազդեցիկ ներկայութիւն հայկական օրակարգին մէջ։ Տնտեսական ոլորտէն դէպի քաղաքական փուլը նետուած այս գործիչը կը յուշէ որդի Հարիրիի կերպարը եւ կ՚երեւի այդ մասին կարելի է գրել այլ առթիւ։ Յստակ է նաեւ, որ Վարդանեան ներկայիս ստեղծած է զինք սիրողներու ու չսիրողներու երկու հսկայ բանակներ, որոնք օր ու գիշեր քննարկման առարկայ դարձուցած են ու դեռ ալ պիտի դարձնեն անոր խօսքերը, գործողութիւններն ու արարքները։

Այս առումով նկատելի է վերլուծաբան, անվտանգութեան հարցերով մասնագէտ Արմինէ Մարգարեանի տեսակէտը։ Այսպէս, ան կը գրէ, որ Ռուբէն Վարդանեան հրապարակաւ կը խօսի այն մասին, թէ շաբաթներ առաջ որոշ անձեր կարողացած են անձնական պայմանաւորուածութիւններով տեղաշարժիլ Լաչինի միջանցքով: Այս յայտարարութիւնը, բառին բուն իմաստով, կործանարար հետեւանքներ կրնայ ունենալ Արցախի հայերուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, սա նախ կ՚երկրորդէ Ատրպէյճանի այն կեղծ դիրքորոշման, թէ Լաչինի միջանցքը ամենեւին ալ փակ չէ։ Երկրորդ՝ նուազագոյնի կը հասցնէ Արցախի կեանքի ճանապարհի ապաշրջափակման միտուած տեղական եւ միջազգային շահագրգիռ կողմերու ջանքերը:Այսօր օդ ու ջուրի պէս հայկական կողմին համար կարեւոր է միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան մը տեղակայումը Արցախի մէջ, սակայն այս բանը կրնայ խոչընդոտել Ատրպէյճանի ժխտական դիրքորոշումը։ Այն, ինչ որ չի կրնար ընել Հայաստանը Արցախի համար, կրնայ ընել Արցախը, բայց միայն երկու կողմերու դիրքորոշումներու եւ գործողութիւններու համակարգումով: Հայաստան անվերապահօրէն պէտք է ապահովէ Արցախի թիկունքը, այսինքն շատ դէպքերու մէջ պէտք է գործէ անտեսանելի, որովհետեւ Արցախի հիմնահարցի առումով Հայաստանի իւրաքանչիւր ուղղակի միջամտութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ կ՚օգտագործուի՝ խնդիրը իրաւունքներու եւ անվտանգութեան տիրոյթէն տարածքային ամբողջականութեան տիրոյթը տեղափոխելու համար։

Արցախն ալ, իր հերթին պէտք է ազնուօրէն, առանց քաղաքական շարժառիթներու բարձրաձայնէ իր իրաւունքներուն մասին, ինչ որ պէտք է ներառէ նաեւ ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններուն վերաբերեալ անաչառ գնահատական մը։ Արդարեւ, 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան 6-րդ կէտը ամրագրած է, որ Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապը ապահովող Լաչինի միջանցքը գտնուի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ: Թէ ի՞նչ կը յայտարարէ այս պարագային Վարդանեան, որ կ՚ըսէ, թէ Արցախի հայերը այս իրավիճակին մէջ պիտի ընեն ամէն ինչ, որպէսզի ռուս խաղաղապահները զգան, որ հայերը իրենց կողքին կանգնած են եւ հասկնան անոնց դժուար վիճակը։ Սա փաստօրէն գերիրապաշտ յայտարարութիւն մըն է: Պէտք է, որ հակառակը ըլլար: Այլ խօսքով՝ Արցախի պետական նախարարը ազդակ կը յղէ միջազգային հանրութեան առ այն, որ Լեռնային Ղարաբաղը չի զգար միջազգային աջակցութեան կարիք եւ բաւարարուած է ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններով։

Մինչ Ատրպէյճանի համաձայնութեան հարցին դիտարկումը՝ անհրաժեշտ է, որ Արցախ ձեւաւորէ յըս-տակ ռազմաքաղաքական դիրքորոշում մը: Արդեօք Արցախը կ՚ուզէ՞ մնալ հայկական, արդեօք միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան կամ միջազգային աջակցութեան կարիք ունի՞: Միայն անկէ յետոյ կարելի է խօսիլ այն քայլերուն մասին, որոնց գրագէտ ծրագրումն ու կիրառումը կրնայ աշխատիլ Արցախի օգտին: Անզգոյշ, քաղաքական պատշաճութենէն դուրս եւ զգացական յայտարարութիւնները ո՛չ միայն կրնան խոչընդոտել արտաքին անվտանգային սպառնալիքներու չէզոքացումը, այլեւ կրնան հրահրել ներքին անվտանգային եւ բարոյահոգեբանական խնդիրներ։

Միեւնոյն ժամանակ, վերլուծաբանը համոզուած է, թէ Արցախ կրնայ եւ պէտք է իր իրաւունքները բարձրաձայնելու ժամանակ թիրախաւորէ Հայաստանի իշխանութիւնները, եթէ սա կը կատարուի ի շահ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ենթակայութեան բարձրացման: Այս պարագային արդէն անկարելի կ՚ըլլայ հակասութիւններ փնտռել Երեւանի եւ Ստեփանակերտի դիրքորոշումներուն եւ արտայայտչամիջոցներուն մէջ, եթէ ի սկզբանէ անոնք մշակուած ու համակարգուած ըլլան։

Որեւէ քաղաքական ուժ, ոեւէ քաղաքական այր, կամ հանրային գործիչ վերջնականապէս պէտք է իմանայ, որ Արցախի հիմնահարցը այլեւս հնարաւոր չէ օգտագործել քաղաքական նկատառումներով: Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը կատարած է իր ընտրութիւնը եւ ապագային նոյնպէս իշխանութիւնը երկրին մէջ պէտք է փոխուի ժողովրդավարական, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններով։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...