29 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Եւլախի հանդիպման ընթացքին առաջարկուած է Ատրպէյճանի համապատասխան կառավարական նախարարութիւններուն միջոցներու ձեռնարկել բջիջային կապի ծառայութիւններու եւ պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի հեռարձակումը կազմակերպելու համար:
Ղարաբաղի հայ բնակիչներուն հետ կապերու պատասխանատու Ռամին Մամետով տեղեկատուութիւն փոխանցած է վերահամարկման գործընթացին վերաբերեալ ընթացակարգերու եւ ընկերային ծառայութիւններու մասին:
Ըստ անոր՝ տնտեսական, կենցաղային եւ նման այլ հարցեր տեղւոյն վրայ լուծելու համար, Ղարաբաղի մէջ ընկերային, մարդասիրական, տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային հարցերու նորասստեղծ աշխատանքային խումբի անդամները կը նախատեսեն Ստեփանակերտ այցելել 2 Հոկտեմբերին։