image
Հրատապ լուրեր:

Բախտաւորութիւն Երեւանի մէջ. Պատիկեաններու ընտանիքը բախտաւորուած է մանչ զաւակով՝ Միքայէլ

 Բախտաւորութիւն Երեւանի մէջ. Պատիկեաններու ընտանիքը բախտաւորուած է մանչ զաւակով՝ Միքայէլ

 Օրերս մեծ ուրախութիւն կը տիրէ Մանուէլ (Մանօ) եւ Ֆլորա Պատիկեաններու ընտանիքէն ներս։

 Երիտասարդ զոյգը բախտաւորուած է առջինեկ զաւակով մը ՝ Միքայէլ։

 Հալէպ ծնած Մանուէլ, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ստիպուած եղած է լքել իր ծննդավայր՝ Հալէպը եւ հաստատուիլ Երեւան տպագրական գործերու վարպետ արհեստաւոր է։

Ան նաեւ երաժշտութեան հանդէպ մեծ սէր ունեցող անձնաւորութիւն է եւ երկար տարիներէ ի վեր հանդէս կու գայ, որպէս տաղանդաւոր թմբկահար (drummer)։

Մասնաւորապէս այս ժամանակներուն իւրաքանչիւր հայ օճախի մէջ վառ մնացող ճրագը յոյսի ապաւէն է, ալ ուր մնաց, երբ այդ երդիքին տակ լսելի սկսած է դառնալ փոքրիկն Միքայէլի խինդով լեցուն ձայնը։

Կը շնորհաւորենք։