image

Բագրատ Սրբազան իր աջակիցներուն հետ «Հայելիներու ակցիա» կատարեց Քննչական հիմնարկի գլխաւոր շէնքին դիմաց

Բագրատ Սրբազան իր աջակիցներուն հետ «Հայելիներու ակցիա» կատարեց Քննչական հիմնարկի գլխաւոր շէնքին դիմաց

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամները շղթաներով արշաւ իրականացուցած են ՀՀ քննչական կոմիտէի մօտ՝ պահանջելով ազատ արձակել մայիս 31-ին Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի մօտէն բերման ենթարկուած, ապա ձերբակալուած իրենց կողմնակիցները:

Աւելի վաղ փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը նշած էր, որ մայիս 31-ին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի մօտ ձերբակալուած քաղաքացիներուն մեղադրանք չէ առաջադրուած, ինչը կը նշանակէ, որ ձերբակալման 72 ժամը լրանալէն ետք անոնք բոլորը պէտք է ազատ արձակուին։ Աքթիւիսթներու մէկ խումբի պարագային 72 ժամը կը լրանայ յունիս 3–ին` ժամը 15:30-ին, միւսներու պարագային` ժամը 17:00-ին:

«Ազատազէն» կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Իշխան Գէորգեանն ու արշաւի քանի մը մասնակիցներ շղթաներով կապկպած են իրենց եւ կանգնած ուղիղ ոստիկանութեան ծառայողներու դիմաց:

Քննչական Կոմիտէի շէնքի դիմաց այդ միակ արշաւը չէր։ Խումբ մը այլ երիտասարդներ ալ «ֆլեշմոպ» կազմակերպած են` բարձրացնելով հայելիները եւ իրաւապահներուն առաջարկելով կողքէն նայել իրենց գործողութիւններուն:

Յիշեցնենք` «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման աջակիցները մայիս 31-ին հաւաքուած էին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ։ Շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը կոչ ըրած է նախարար Արարատ Միրզոյեանին իջնելու ներքեւ եւ ժողովուրդի առաջ պատասխանելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի` վերջին օրերուն հնչեցուցած յայտարարութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանած են, որ չեն կրնար ընդունիլ շարժման ներկայացուցիչները։ Որոշ ժամանակ անց իրավիճակն Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ լարուած է, բախումներ սկսած են ոստիկաններու եւ ցոյցի մասնակիցներու միջեւ։ Իրաւապահները սկսած են բերման ենթարկել մարդոց։ Աւելի ուշ Քննչական Կոմիտէէն յայտնած են, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման 28 մասնակից ձերբակալուած է։

Ըստ Քննչական Կոմիտէի հաղորդագրութեան` ցոյցի մասնակիցները ոստիկաններու ուղղութեամբ նետած են քարեր, ջուրով լեցուած շիշեր, ծխարձակող ճայթուկներ եւ այլ առարկաներ։ ՀՀ քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան ընդհանուր վարչութեան կողմէ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 327-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: