«Եթէ հաշուի առնենք, որ եւ Հայաստան եւ Թուրքիան պետութիւններ են, ապա անոնք ունին հաւասարազօր իրաւունքներ եւ կը ներկայացնեն երկու ազգեր. Հետեւաբար անոնք իրար հետ պէտք է շփուին հաւասարէ-հաւասար կանոններով», այս մասին «Արեւելք»ին ըսած է Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականի հայկական էջերու խմբագիր՝ Բագրատ Էսդուգեան։
Էսդուգեան, որ խօսած է մեկնաբան Սագօ Արեանին, նաեւ շեշտած է, որ Թուրքիան յայտնուած է տնտեսական բարդագոյն խնդիրներու առջեւ յարելով վերջին օրերուն երկրի Կեդրոնական Դրամատան «անակնկալ» հրաժարականին, ու նաեւ թրքական լիրայի աննախադէպ անկումին։
Ըստ Էսդուգեանի Թուրքիան այսօր այնպիսի վիճակի մը մէջ է, որ ցանկացած պաշտօնեայ հրաժարական կը ներկայացնէ առանց աւելորդ ձեւականութեան կամ կառավարութեան դէմ յայտարարութիւններ կատարելով։
Խօսելով խաղաղութեան եւ ի մասնաւորի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման խնդրին մասին Էսդուգեան նշած է, որ ինք այդ առումով լաւատես չէ ու յորդորած է Հայաստանի իշխանութիւններուն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու օրակարգին առընթեր բարձր պահել Հայաստանի արժանապատւութիւնը, որովհետեւ ի վերջոյ հակառակ իր փոքր կարողութիւններուն եւ ներուժին Հայաստան Թուրքիոյ հետ պէտք է շփուի բացառապէս «Հաւասարը հաւասարի հետ» սկզբունքով։
Բագրատ Էսդուգեանի հետ զրոյցին ամբողջութիւնը՝ ՏԵՍԱՆԻՒԹ-ով։