image

ԱԺ–ի մօտ նռնակի պայթումէն ձեռքի մատները կորսնցուցած Եսայի Քեարամեանին Քարամեանը 2–րդ անգամ պիտի վիրահատեն

ԱԺ–ի մօտ նռնակի պայթումէն ձեռքի մատները կորսնցուցած Եսայի Քեարամեանին Քարամեանը 2–րդ անգամ պիտի վիրահատեն

12 յունիսին ոստիկանութեան ծառայողներու` Ազգային Ժողովի շէնքի մօտ նետած լուսաձայնային նռնակներէն ձեռքի մատները կորսնցուցած Եսայի Քարամեանը երկրորդ անգամ պիտի վիրահատուի։ Այս մասին դիմատետրին գրած է անոր կինը` Նաիրա Սահակեան եւ մանրամասնութիւններ յայտնած ամուսնոյն առողջական վիճակի մասին։

«Առաջ ենք գնում։ Առաջիկայ օրերին երկրորդ վիրահատութիւնը կ'արուի ձեռքերի վրայ։ Ընդհանուր անզգայացմամբ վիրահատութիւն է լինելու, բայց բարեբախտաբար կեանքին սպառնացող վտանգ չկայ։ Բժիշկները իրենց գործը լաւ են անում։ Ի հարկէ, աջ ձեռքի ֆունկցիոնալութիւնը (գործունէութիւնը) ետ չենք բերի, բայց չենք յուսահատւում»,–գրած է ան։

Աւելի վաղ Նաիրա Սահակեան գրած էր, որ բժիշկները սկիզբը մտածած են ամբողջութեամբ անդամահատել դաստակը, բայց յետոյ փորձած են ափը փրկել ու մատներէն երկուքը հաւաքել։ Ան նշած էր, որ ամուսնոյն ձախ ձեռքը եւս վնասուած է ափի հատուածը, բացի այդ, մարմնի տարբեր հատուածներու մէջ՝ գլխէն մինչեւ ոտքեր, բեկորային վնասուածներ կան եւ այրուածքներ։

Ան բացատրած էր, որ Եսային երբ վերցուցած է նռնակը, քանի որ այդ պահուն կողքին քանի մը նռնակներ պայթած են, մտածած է, որ պայթած նռնակի մը մասը կը վերցնէ, փորձելով մարդոց ոտքին տակէն հանել։

Յիշեցնենք, որ 12 յունիսին ԱԺ–ի շէնքի մօտ բախումներ սկսած էին ոստիկաններու եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներու ու կողմնակիցներու միջեւ։ Ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ կիրառած էր, որու հետեւանքով 101 անձ վնասուածք ստացած, անոնց կարգին` ոստիկաններ։