image

«Այո, Գէորգ Գանտահարեանը ունէր համբուրելի աջ». Արշաւիր Գաբուճեան

«Այո, Գէորգ Գանտահարեանը ունէր համբուրելի աջ». Արշաւիր Գաբուճեան

Սփիւռքի մէջ կրթութեան խնդիրներով զբաղուող նուիրեալներու նպատակն է հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով, հայ ոգիով եւ ընդհանրապէս նպաստել հայ հոգեկան եւ իմացական արժէքներու ընկալման ու տարածման։

Սփիւռքի ուսուցչապետութեան կարկառուն դէմքերէն էր լիբանանահայ նշանաւոր մանկավարժ, երաժիշտ-խմբավար, մշակութային եւ հանրային գործիչ՝ Գէորգ Գանտահարեան։

Օրերս  Հայաստանի  պետական  Ռատիօն  իր «Դպրութիւն»  ընդհանուր խոարգիրը կրող  յայտագրի ճամբով լոյս  սփռած է Գէորգ  Գանտահարեան՝ մարդուն, գործիչին եւ   մանաւանդ  ուսուցիչին մասին ու այդ  թեմայով ալ   խօսք տուած է   գրականագէտ   Երուանդ Տէր Խաչատուրեանին եւ  Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան  ծրագիրներու   տնօրէն  Արշաւիր Գաբուճեանին։

 

Խօսելով Գէորգ Գանտահարեան  ուսուցչին մասին  հայրենի գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեան մասնաւորապէս  ըսած է.  «Ամէն ուսուցիչ չէ, որ մանկավարժ է։ Ուսուցիչը կրնայ գիտելիքներ ունենալ, բայց բոլորը չէ, որ կրնան սորվեցնել եւ բոլորէն չէ, որ կարելի է սորվիլ։ Գէորգ Գանտահարեան ունէր ամենաբարձր կոչումը՝ ան ուսուցիչ էր եւ մանկավարժ։ Հրաչեայ Աճառեան ըսած է, որ ամէն հայ մարդ երկու անուն պէտք է պահէ եւ արտասանէ խորագոյն յարգանքով՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անունը եւ իր ուսուցիչի անունը։ Եթէ մենք կը յարգենք ուսումը, կրթութիւնը, բնականաբար պէտք է խոր յարգանք ունենանք մեր ուսուցիչներուն հանդէպ։

Երբ ես կ'աշխատէի Լիբանանի մէջ՝ Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի եւ Դպրեվանքի մէջ, մեր ազատ ժամերուն բաւականին երկար զրուցած ենք Գէորգ Գանտահարեանի հետ, ես շատ բան սորված եմ իրմէ, ան Սփիւռքի կեանքի հանրագիտարանն էր։ Ան հրաշալի գիտէր գրաբար, հին մատենագրութիւն, երաժշտութիւն եւ այլն։ Սերունդներ դաստիարակած է՝ ամենատարբեր ասպարէզներու մարդիկ՝ եպիսկոպոսներ, թեմակալ առաջնորդներ, մտաւորականներ։

 Իսկ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ծրագրերու տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեան  ըսած է. «Գէորգ Գանտահարեան ուսուցիչը ունի համբուրելի աջ։ Պէտք է համբուրես ոչ միայն հոգեւորականի աջը, այլ ամէն ուսուցչի, առաւել՝ այն ամէնի համար, ինչ ես ստացած եմ իմ ուսուցիչ Գէորգ Գանտահարեանէն, ամէնօրեայ խոնարհումս իր առաջ եւ աջհամբոյր, որովհետեւ այն ինչ եմ ես այսօր՝ պարտական եմ իրեն։ Ես այսօր Հայաստանի մէջ եմ, որովհետեւ ուսուցիչս ինծի համար իրական Հայաստան էր, հայ ժողովուրդի պատմութիւն էր, Հայաստանի աշխարհագրութիւն էր, հայ երաժշտութիւն էր, գրաբար էր, մատենագրութիւն էր։ Ես բախտաւոր մարդ եմ, որովհետեւ եղած եմ աշակերտը եւ ուսանողը Մուշեղ Իշխանի, Բիւզանդ Եղիայեանի, Խորէն Գապիկեանի, Յարութիւն Գեղարդի եւ շատ նման անձնաւորութիւններու։ Գէորգ Գանտահարեան ուսուցիչը առարկաներ չէր դասաւանդեր սոսկ, այլ անոնց մէջ ալեկոծուող ոգին կը փոխանցէր։ Ան ապագան շատ լաւ կը տեսնէր եւ իր առաքելութիւնն էր իր աշակերտներուն նախապատրաստել այդ գալիք օրուան։ Ան ինծի համար եղած է մարգարէաշունչ անձնաւորութիւն, ան կը տեսնէր գալիք Հայաստանը։ Ան կուսակցական էր, բայց բացառիկ անձ, որ երբեք խտրականութիւն չէր դներ, իրեն համար բոլորն ալ մարդ էին, բոլորն ալ հայ էին»։

 

 Հարցազրոյցները վարած է ՝ Աննա Սահակեան 

 «Արեւելք»ի համար  արեւմտահայերէնի վերածեց՝  Է. Պ.