image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ սուրբերէն՝ Իսահակ Պարթեւ Հայրապետի տօնն է

Այսօր մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ սուրբերէն՝  Իսահակ Պարթեւ Հայրապետի տօնն է

Այսօր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ս. Իսահակ հայրապետին նուիրուած տօն  է։

Այս մասին կը տեղեկանանք qahana.am կայքէն։

Ս. Իսահակ հայրապետը Ս. Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի որդին էր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տոհմի վերջին ներկայացուցիչը, որ 387 թուականէն ի վեր 52 տարի եղած է հայոց հայրապետական աթոռի գահակալը:

Ըլլալով կրթուած եւ հմուտ երաժշտական, հռետորական արուեստներու, իմաստասիրութեան եւ լեզուագիտութեան մէջ՝ Ս. Սահակ Պարթեւը մեծ նպաստ բերած է հայ ազգային մշակոյթի զարգացման, եղած է հայոց գիրերու ստեղծման ջատագովը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի հետ դարձած հայ դպրութեան ու եկեղեցական մատենագրութեան հիմնադիր:

Տառերու գիւտէն ետք Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրոպը սկսած են Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ այնպէս կատարեալ այդ ըրած են, որ Աստուածաշնչի հայերէն թարգմանութիւնը դարեր ետք կոչուած է Աստուածաշունչի թարգմանութիւններու թագուհի: