image

«Այս վիճակէն դուրս գալու համար Հայաստանը պէտք ունի նոր միջոցներու». Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

   «Այս վիճակէն դուրս գալու համար Հայաստանը  պէտք ունի նոր միջոցներու». Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը ի վիճակ չէ օգնելու ՀՀ-ին եւ Արցախին, նախընտրելին Արեւմուտքն ու Իրանն են․ ամերիկահայ քաղաքագէտ

 

Շուտով կը լրանայ 4-րդ ամիսը, որ Ատրպէյճան ապօրինաբար շրջափակած է Լաչինի միջանցքը, 120000 արցախցիներ ենթարկելով մարդասիրական աղէտի՝ անոնց նկատմամբ իրականացնելով ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւն։ Պաքու կը շարունակէ ոչ միայն անտեսել համաշխարհային հանրութեան դապարտող կոչերն ու չկատարել Հաագայի միջազգային դատարանի պահանջը, այլ նաեւ նոր սադրանքներու կը դիմէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ։ Իրավիճակն իրապէս օրհասական է, իսկ փորձագէտները չեն բացառեր նոր մագլցումի հաւանականութիւնը՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի դրսեւորած առաւելապաշտական քաղաքականութիւնը։

Ի՞նչ զարգացումներ սպասել առաջիկային եւ որո՞նք են ստեղծուած բարդ իրավիճակէն դուրս ելլելու ողջամիտ ելքերը:

«Հրապարակ»-ի զրուցակիցն է ամերիկահայ հասարակական գործիչ, քաղաքագիտութեան դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան։

 

- Ատրպէյճան կը շարունակէ շրջափակուած պահել Լաչինի միջանցքը, կ'անտեսէ միջազգային հանրութեան կոչերն ու պահանջները, կը դիմէ ռազմական նոր սադրանքներու, զուգահեռաբար մեղադրելով, թէ Հայաստան, իբր թէ իր զինուած ուժերը դուրս չի հաներ Լեռնային Ղարաբաղէն եւ կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը։ Պաքուի բացայայտ ինչպէ՞ս առաջքը առնել անպատժելիութեան այս յորձանքին։

 

Եթէ կար ժամանակ, երբ պարզ չէր թէ ինչպիսի՞ լծակներով պէտք է լուծել ստեղծուած  տագնապը, հիմա արդէն շատ յստակ է, որ միմիայն միջազգային լուրջ ճնշումներու միջոցով կարելի է առաջխաղացում արձանագրել։ 

Հայաստանը պարզապէս չունի պէտք եղած «կարծր ուժ»ը Ատրպէյճանի հետ լայնամաշտապ բախումներու երթալու, կամ այն սանձելի դարձնելու համար, եւ Ատրպէյճան կը գիտակցի այդ իրականութիւնը։ Ատրպէյճան նաեւ գիտէ, թէ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակներուն մէջ անհաւանական է, որ հակադրուի իրեն՝ յօգուտ Հայաստանի։ 

Հետեւաբար, Հայաստանին կը մնայ նախաձեռնել այնպիսի անկանխատեսելի միջոցներու եւ ճնշումներու, որոնք վերոյիշեալ սենարի մէջ կը կարողանան յաւելեալ ազդեցիկ միջազգային ուշադրութիւն հրաւիրել Լաչինի շուրջ։ Այլապէս, այս մաշեցման քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի աղիտալի հետեւանքներով։

 

- Արցախի մէջ ատրպէյճանական զինուժը վերջին օրերուն բուռն ձեւով եւ պարբերաբար կը խախտէ հրադադարի ռեժիմը, կը կրակէ խաղաղ բնակիչներուն վրայ, տարածքային եւ դիրքային առաջխաղացում կ'արձանագրէ որոշակի հատուածներու մէջ։ Յընթացս, Ալիեւ Պաքու կը հրաւիրէ Արցախի ներկայացուցիչները՝ այսպէս կոչուած վերահամարկման հարցեր քննարկելու համար։ Այս շանթաժի ու վերջնագիրի պայմաններով, ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլան հայկական կողմի, այդ շարքին՝ պաշտօնական Երեւանի ու Ստեփանակերտի գործողութիւնները։

 

Ինչպէս արդէն ակնարկեցի, Ատրպէյճանի ծրագիրը մաշեցման քաղաքականութիւն է, Արցախի եւ, ինչու չէ, նաեւ Հայաստանի բնակիչներու հաշւոյն։ Իրենց քայլերը լաւ ծրագրուած եւ ոչ շատ ծանր գին պահանջող քայլեր են։ Միակ ելքը՝ իրավիճակի վրայ աննախընթաց ու յաւելեալ միջազգային հետաքրքրութիւն հրաւիրելն է, որ ինքն իր մէջ կրնայ որոշ վտանգներ  պարունակել, սակայն միակ ձեւն է մաշեցնող ընթացքէն դուրս ելլելու համար։

 

- Նոր մագլցման վերահաս վտանգի մասին շատ կը խօսուի, ընդ որում՝ միջազգային փորձագէտներու, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ այլ երկիրներու պաշտօնական ներկայացուցիչներու մակարդակով։ Ատրպէյճանի յարձակումները զսպելու համար Եւրոպական Միութիւնը քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայած է ՀՀ-ի մէջ, իսկ ՀԱՊԿ յայտարարած է նման առաքելութիւն ուղարկելու մտադրութեան մասին։ Արեւմու՞տք, թէ՞ Ռուսիա․ ըստ ձեզի, այս բեւեռներէն որո՞ւն պէտք է, ի վերջոյ, ապաւինի Հայաստանը՝ իր անվտանգային շահերէն ելլելով։

Չնայած որ Հայաստանի նման սահմանափակ ուժով եւ համեստ կարողականութեամբ պետութեան մը համար «կամ-կամ»-ի քաղաքականութիւնը այդքան ալ ճիշդ չէ իր դաշնակիցները կամ գործընկերները ճշդելու ընթացքին, այնուամենայնիւ, պէտք է հասկնալ, թէ ո՞ր պետութիւնները ներկայիս ունին հարկ եղած լծակները Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու, ու նաեւ՝ ո ՞ր պետութիւնները պատրաստ են «գին» վճարելու նման ճնշում բանեցնելու համար։ 

Ներկայ իրավիճակին Ռուսիան ո՛չ ի վիճակի է եւ ո՛չ ալ պատրաստակամ իր առաքելութիւնները  ծախսելու՝ յօգուտ Հայաստանին կամ Արցախին։ Հետեւաբար, կը մնան Արեւմուտքը եւ Իրանը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շահերէն ելլելով շահագրգռուած է յօգուտ հայկական կողմին՝ թէկուզ սահմանափակ ճնշումներ բանեցնելու։ Անշուշտ երկուքի պարագային ալ ակնկալիքներ կան, որոնք պէտք է բաւարարուին Հայաստանի կողմէ։ Կը գտնուի՞ բաւականաչափ քաղաքական կամք այսպիսի քայլեր առնելու. այդ արդէն կախեալ է ՀՀ իշխանութիւններէն։

 

 Հարցազրոյցը՝ Արա Ալոյեանի 

 «Հրապարակ»