Իսրայէլի հետ պատերազմը արդէն սկսած է: Այս մասին ըսած է Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Սաիտ Խաթիպզատէն:
«Իսրայէլը իրագործած է յարձակումներ, որոնք կը հետապնդէին ոչնչացնել խաղաղ նպատակներով զարգացող մեր միջուկային ծրագիրը: Իսրայէլը սպաննած է միջուկային գիտնականները եւ վնասած Իրանի ժողովուրդին: Իրանը կը մեղադրուի ահաբեկչութեան համար, բայց չկայ լաւ կամ վատ ահաբեկիչ: Տարածաշրջանի ճգնաժամի ամբողջ մեղքը Իսրայէլինն է», ըսած է խօսնակը:
Խաթիպզատէն նաեւ պնդած է, որ Իսրայէլը «ամէն ինչ ըրած է» Վիեննայի մէջ միջուկային բանակցութիւնները տապալելու եւ Իրանի եւ համաշխարհային տէրութիւններու միջեւ բախում առաջացնելու համար:
Իրանի ԱԳՆ խօսնակը ըսած է, որ Վիեննայի մէջ միջուկային բանակցութիւններու եօթներորդ փուլին վերադառնալու Իրանի ռազմավարական որոշումը արդէն ընդունուած է, եւ որ իր երկիրը արդէն երկու շաբաթ առաջ այդ մասին յայտնած էր բանակցութիւններու համար պատասխանատու Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչին:
Հարցին, թէ իր կարծիքով միջուկային գործարքին վերադառնալը արդեօք կը խոչընդոտէ՞ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները, խօսնակը պատասխանած է. «Իսրայէլը լրջօրէն վնասած է մեր հետազօտական եւ քաղաքացիական համակարգին: Կը խօսուի իրանեան միջուկային սպառնալիքի մասին, սակայն Իսրայէլը հարիւրաւոր ռումբեր ունի եւ ան երբեք չէ ստորագրած չտարածման պայմանագիրը»:
Խաթիպզատէն ընդգծած է, որ «տարածաշրջանը յոգնած է պատերազմներէն»:
«Մենք պէտք է նոր մօտեցում գտնենք խնդիրները ՄԱԿ-ի բանաձեւերու համաձայն լուծելու համար: Բոլոր կողմերը պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերեն պայմանաւորուածութեան համար», ըսած է Խաթիպզատէն: