Տրապիզոնի ափին գտնուող թուրք այլախոհ գեղանկարիչ Կէօքչէ Էրհանի բնակարանն ամբողջութեամբ հրկիզուած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է թրքական «Հիւրիյէթ»ը յղում ընելով իր տեղական աղբիւրներուն։
Կը նշուի, որ տարեկան գեղանկարչուհին տարբեր առիթներով մասնակցած է շրջանի բնապահպանական դրութիւնը պահպանելու ու դիմելով ծովային հարստութիւնը վտանգող կողմերուն ըսած է, որ ամէն գնով պիտի պայքարի յանուն բնութեան պահպանման։
Կը նշուի նաեւ, որ գեղանկարչուհիի գործերը, որ տարբեր առիթներով ներկայացուած են հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելու բնապահպանական խնդիրներու վրայ ամբողջութեամբ ածխացած են։
Կէօքչէ Էրհան ( 37 տարեկան) որ այսօր առաւօտուն մամլոյ ասուլիսի մը հրաւիրած է ըսած է, որ պիտի շարունակէ իր պայքարը մինչեւ վերջ։
Ան խօսած պահուն լալու սկսած է եւ ըսած «տանս հրկիզուիլը մեծ խնդիր մը չէ, սակայն սարսափելին այն է, որ որոշները կը շարունակեն պղծել մեր ծովը, որուն կորուստը շատ թանկ պիտի նստի մեր վրայ եւ անշուշտ անփոխարինելի է»։