image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է գրող, ԽՍՀՄ ժամանակաշրջանի այլախոհ Մերուժան Յովհաննիսեանը

Ոչ եւս է  գրող, ԽՍՀՄ ժամանակաշրջանի այլախոհ  Մերուժան Յովհաննիսեանը

82 տարեկանին ծանր հիւանդութենէ յետոյ մահացած է գրող, բանաստեղծ, այլախոհ եւ ԽՍՀՄ նախկին քաղաքական բանտարկեալ, «Եօթ հայրենասէրներ» կազմակերպութեան անդամ Մերուժանը (Մերուժան Յովհաննիսեան):

Հակախորհրդային գործունէութեան համար Մերուժանը դատապարտուած է ընդհանուր 22 տարուայ ազատազրկման, կալանավայրերու մէջ անցուցած է 15 տարի, որու զգալի մասը` Վլատիմիրի եւ Նորիլսքի մահուան գաղութներուն մէջ` անմարդկային պայմաններու մէջ:

«Վլատիմիրի բանտում» յուշագրութեան մէջ Մերուժանը գրած է, թէ ովքեր եղած են իր հետ. օփերային անուանի երգիչներէն մէկը` Ալեքսանտր Միրլասը, բնագէտ Վլատիմիր Քրաուքլիսը, իսկ անոր բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուի հրատարակիչը Վահագն Դաւթեանն էր, որ այդ ժամանակ Սփիւռքի հետ կապերու կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալն էր:

Վերջին շարքը «Հատընտիր»ն էր`«Զարկերակ», «Հանգոյց», «Վարագոյր» առանձին գիրքերով: