Աւստրիան պիտի դառնայ Արեւմտեան Եւրոպայի առաջին երկիրը, որ «Քովիտ»ի պատճառով կրկին ամբողջական «լոքտաուն» պիտի սահմանէ:
Աւստրիոյ բնակչութեան մօտաւորապէս երկու երրորդը լիովին պատուաստուած է «Քովիտ»ի դէմ, որ ամենացած ցուցանիշներէն մէկն է Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ:
Երկրին մէջ բարձր է վարակակիրներուն թիւը. 7 օրուան մէջ 100 հազար մարդու հաշուով՝ 991 դէպք:
«Մենք չյաջողեցանք համոզել բաւականաչափ մարդ պատուաստուելու համար», ըսած է վարչապետ Ալեքսանտր Շալենպըրկ:
«Լոքտաունը» պիտի սկսի Երկուշաբթի՝ Նոյեմբեր 22-ին: Իսկ պատուաստման պահանջը ուժի մէջ պիտի մտնէ Փետրուար 1-ին: