image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը շինծու գործով կամայական կը դատէ անմեղ մարդ․ Արցախի ՄԻՊ-ը կ'ահազանգէ

Ատրպէյճանը շինծու գործով կամայական կը դատէ անմեղ մարդ․ Արցախի ՄԻՊ-ը կ'ահազանգէ

Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը թուիթըրեան էջին անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի դատավարութեան:

Ան միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է ապահովելու ատրպէյճանցիներու կողմէ առեւանգուած արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանը անյապաղ եւ անվտանգ վերադարձը Հայաստան․

«Կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքը՝ Ադրբեջանը շինծու քրէական գործով կամայական դատավարութիւն է իրականացնում անմեղ մարդու նկատմամբ», - նշած է մարդկային իրաւանց պաշտպանը եւ յիշեցուցած, որ Խաչատրեանին առեւանգած են Լաչինի միջանցքի «անցակէտին» վրայ, երբ ան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ կու գար Հայաստան՝ բուժման: