image

Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկել իր ռազմասիրութեան համար

Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկել իր ռազմասիրութեան համար

ԱՄՆ Գոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրենք Փալոն թուիթըրեան իր էջով գրած է, որ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ իր ուղղումը, որ կ'արգիլէ միջոցներ տրամադրել օտարերկրեայ անվտանգութեան ուժերուն, որոնք թոյլ տուած են մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ։

Բացի այդ, գոնկրեսականին խօսքով՝ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է ուղղում, որ կոչուած է Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկել իր ռազմասիրութեան համար: