image

Ատրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դէմ նոր մեղադրանք ներկայացուցած է

Ատրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դէմ նոր մեղադրանք ներկայացուցած է

Պաքուի մէջ աւարտած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու գործով նախաքննութիւնը. Ատրպէյճանը անոնց «պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացման» մեղադրանք ներկայացուցած է: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ձերբակալուածներու բոլոր իրաւունքները «պաշտպանուած» են, անոնցմէ իւրաքանչիւրն ունի քանի մը փաստաբան։

«Անոնցմէ իւրաքանչիւրն իրաւունք ունի ծանօթանալու գործի նիւթերուն»,-ըսած է Ալիեւը:

Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներէն 15-ի նկատմամբ: 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած զանգուածային ռազմական յարձակումի հետեւանքով անոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են, տարուած Պաքու։ Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներ ու խմբաւորումներ ստեղծելու, ահաբեկչութեան նպատակով վարժանքներ կատարելու համար։

Այժմ Պաքուի մէջ ապօրինի կալանքի տակ կը պահուին նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը եւ Զինուած ուժերու շտաբի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեանը: