«Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի ամբողջական ինքնիշխանութեան վերականգնումը մեծապէս կախուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի սկզբունքային դիրքորոշումէն»։ Նման կարծիք յայտնած է Միլի Մեճլիսի պատգամաւոր Կուտրաթ Հասանգուլիեւ, յայտնած է Haqqin.az-ը։
Խորհրդարանականը նշած է, որ այդ առումով Ատրպէյճանը թրքական պետութիւններու հետ սերտ համագործակցութեան կարիք ունի։ «Ցաւօք, Ռուսիան այսօր շահագրգռուած չէ հակամարտութեան վերջնական լուծմամբ։ Այս առումով անհրաժեշտ է լրջօրէն աշխատիլ Թուրքիոյ եւ թրքական պետութիւններուն հետ։ Մենք եւ մեր դաշնակիցները պէտք է համապատասխան առաջարկներ ընենք Ռուսիոյ, պահանջներ ներկայացնենք եւ համոզենք այն, որ ընդունի զանոնք։ Այսինքն՝ Մոսկուան կա՛մ պէտք է ճանչնայ մեր ինքնիշխան իրաւունքները Ղարաբաղի նկատմամբ եւ նպաստէ խաղաղութեան, կա՛մ կորսնցնէ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան»,- կը կարծէ պատգամաւորը։
Ընդ որում, ատրպէյճանցի պատգամաւորը պահանջած է «արտայանձնել» Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը։
«Եթէ Փաշինեանը շուտով խաղաղութեան պայմանագիր չստորագրէ, ան կա՛մ կը հեռացուի իշխանութենէն, կա՛մ կը կալանաւորուի, կա՛մ կը գնդակահարուի, ինչպէս 1999-ի հոկտեմբերին խորհրդարանին մէջ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանն ու խօսնակ Ստեփան Դեմիրճեանը։ Անկէ յետոյ կա՛մ պէտք է համակերպինք Ղարաբաղի մէջ առկայ սթաթուս-քուոյի պահպանման հետ, կա՛մ նոր մեծ արիւնալի պատերազմի մէջ մտնենք Հայաստանի հետ, որուն Ռուսիան բացայայտօրէն կը պաշտպանէ։ Ահա թէ ինչու մենք պէտք է հիմա վերականգնենք ինքնիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ»,- ըսած է Կուտրաթ Հասանգուլիեւ։