Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ մարտ 20-ի լոյս 21-ի գիշերը ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։ Յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկած է հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեքենականութիւն ստեղծել, որուն մինչեւ օրս Ատրպէյճանը չէ արձագանգած։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատած է, որ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի դիրքորոշման համապատասխան՝ պատրաստ է հետաքննելու Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը հիմնաւորող փաստերը՝ ատոնք ՀՀ-ին փոխանցելու պարագային։