image

Ատրպէյճանի կողմէ զօրքերու տեղաշարժ չկայ. Սուրէն Պապիկեան

Ատրպէյճանի կողմէ զօրքերու տեղաշարժ չկայ. Սուրէն Պապիկեան

Արբանեակային նկարները չեն կրնար ցոյց տալ գնդակներու կրակելու, չկրակելու մասին, ատոր համար պէտք են տեսագրութիւններ, իսկ քանի-որ մեղադրողը մենք չենք, այլ մեր հարեւաններն են, մենք ատոր համար կ՚ըսենք, եթէ ունիք ապացոյցներ, տեսանիւթեր, տրամադրեցէք մեզի: Մենք պատրաստ ենք ուսումնասիրելու, հետաքննելու: Մինչ օրս չենք ստացած նմանատիպ արձագանգներ:  Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը:

Լրագրողի այն հարցին, թէ Ատրպէյճանի կողմէ զօրքերու տեղաշարժ կա՞յ, Պապիկեանը պատասխանած է. «Ոչ, չկայ»:

Իսկ կա՞յ արդեօք մագլցումի ռիսք, պատերազմի վտանգ պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է. «Որպէսզի նման գնահատական տամ, պէտք են հետախուզական տուեալներ, այս պահին գետնի վրայ նման երեւոյթ տեսանելի չէ: Մամուլում տեղ գտած ապատեղեկատւութիւնը, որ տեղի են ունենում կուտակումներ, զօրքերի տեղաշարժեր, ՊՆ-ն չի հաստատում»: