Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Փառուխ գիւղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութեան:
«Կ'ուզեմ նշել, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած սահմանազատման յանձնաժողովներու գործունէութիւնը երկու երկիրներու պետական սահմաններու սահմանազատման նպատակ կը հետապնդէ», ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան ղեկավար Լէյլա Ապտուլաեւան:
Ատրպէյճանի ԱԳՆ ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ «այդ գործընթացի շրջանակներուն մէջ չի նախատեսուիր ատրպէյճանա-հայկական պետական սահմանէն դուրս որեւէ հարցի դիտարկում, այդ շարքին` կապուած այն տարածքներուն հետ, որոնց մէջ ժամանակաւորապէս տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը»: