Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութեան, թէ Ռուսիան աջակցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն, քանի որ Հայաստանն առաջին անգամ ունի վճռական վարչապետ, որ չենթարկուիր Մոսկուային:
Էմանուէլ Մաքրոն աւելցուցած էր, որ Փարիզը վերջին ամիսներուն ենթարկուած է Ատրպէյճանի անընդունելի միջամտութեան իր անդրծովեան տարածքներու մեծ մասին մէջ, յատկապէս՝ Նոր Քալետոնիայի մէջ, քանի որ Ֆրանսան կը պաշտպանէ միջազգային իրաւունքը եւ Հայաստանը:
Պաքուէն անհիմն, սադրիչ եւ անընդունելի որակած են Մաքրոնի խօսքերը։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը Փարիզը մեղադրած է հայամէտ քաղաքականութեան, Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն իբր կասկածի տակ դնելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ պաշտպանական ոլորտի մէջ գործակցելու համար:
«Ֆրանսա, որ կը ներկայանայ որպէս միջազգային իրաւունքի պաշտպան, երբեք չէ քննադատած Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի գործած միջազգային իրաւունքի չափանիշերու եւ սկզբունքներու կոպտագոյն խախտումը, ցեղային զտման քաղաքականութիւնը, զանգուածային ջարդերը եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները։
Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք Ֆրանսային, որ Ատրպէյճանի՝ իր ինքնիշխան տարածքներուն վրայ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն ու սկզբունքներուն համապատասխան մղած պատերազմը՝ բացառապէս հայկական բռնագրաւման վերջ տալու նպատակով էր։
Մինչ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պայմաններ հաստատուած են, մենք խստօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի այս գրգռիչ յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը իր տարածքներուն նկատմամբ, Հայաստանը կը նախապատրաստեն վրիժառութեան, շարունակելով այդ երկրի զանգուածային սպառազինումը։
Անդրծովեան տարածքներուն մէջ Ֆրանսայի գործունէութեան ձախողման պատճառները,– որոնք անոր նենգ նորգաղութատիրական քաղաքականութեան դրսեւորումն են,– Ատրպէյճանին վերագրելը՝ ապացոյն է այդ երկրի ձախող քաղաքականութեան։ Ֆրանսա փոխանակ մեղադրելու այլ երկիրներ, աւելի լաւ կ՚ընէր դասեր քաղելով իր արտաքին քաղաքականութեան անձեռնհասութենէն։
Մենք կը պահանջենք, որ Ֆրանսա դադրեցնէ իր գործողութիւնները, որոնք չեն նպաստեր խաղաղութեան եւ կը խաթարեն տարածաշրջանի կայունութիւնը»,– եզրափակած է Այխան Հաճիզատէ։