ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատւութիւն տարածել, յայտարարելով, որ ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները նախորդ քանի մը օրերուն գնդակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի քանի մը ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերը:
Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է, կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: