image

Ատրպէյճանցիները պահանջած են Ամարասի գագաթին տեղադրուած Արցախի դրօշը հանուի

Ատրպէյճանցիները պահանջած են Ամարասի գագաթին տեղադրուած Արցախի դրօշը հանուի

Արցախի Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքին մէջ նախօրէին ատրպէյճանցիները յառաջ բերած են իրենց դիրքը եւ տեղակայուած՝ չէզոք գօտիի մէջ։ Համայնքի բնակիչներուն եւ ղեկավարին ձեռնարկած քայլերուն շնորհիւ դէպքի վայր եկած են ռուս խաղաղապահները, որոնք յաջողած են ատրպէյճանցիներու հետ բանակցութիւններու միջոցով վերջիններս ետ ուղարկել ելման դիրք, սակայն պայման յառաջ քշած են, որ համայնքին յարակից Ամարաս վանքին վրայ տեղադրուած Արցախի դրօշը իջեցնեն։

Մաճկալաշէնի համայնքապետ Լեռնիկ Աւանէսեանը հաստատեց այս տեղեկութիւնը, որ դիրքը յառաջ բերած են, իսկ դրօշին առնչութեամբ ըսաւ, որ ռուս զօրավարը հայ զինուորականներուն ըսած է` Արցախի դրօշը իջեցնեն, Հայաստանինը դնեն։