Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Կուտրաթ Հասանկուլիեւն առաջարկած է ատրպէյճանցի փախստականները, որոնք կ՚ապրին նկուղներու մէջ, տեղաւորել բռնագրաւուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի դատարկ բնակարաններուն մէջ:
Այս մասին յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները:
«Հայկական յարձակման հետեւանքով մեր մեծ թիւով քաղաքացիներ մնացած են անօթեւան։ Ինչքա՞ն պիտի սպասենք Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանցիները դատարկ բնակարաններու մէջ տեղաւորելու հարցով։ Այս մասին մեզի անընդհատ կը հարցնեն մեր ընտրողները։ Թերեւս Արտաքին գործոց նախարարութենէն ինչ-որ մէկն այս հարցին պատասխան ունի»,-ըսած է ան։