image

Ատրպէյճան ունի 30 զոհ. Ճիշդ է՞ արդեօք տեղեկութիւնը

Ատրպէյճան ունի 30 զոհ. Ճիշդ է՞ արդեօք տեղեկութիւնը

 Համացանցի հայկական տիրոյթին մէջ մէկէ աւելի  աղբիւրներ  կը տարածեն լուրեր այն մասին, որ վերջերս Սոթքի ուղղութեամբ Ատպրպէյճանի կողմէ հրահրուած սադրանքի ընթացքին թշնամին կրած է ծանր կորուստներ։

 

 Եւ այսպէս ըստ  «Ազգային Վերահսկողութեան համակարգ» ՀԿ-ի նախագահ Արթուր Գրիգորեանին հայկական կողմի քաջարի հարուածներուն հետեւանքով ոչնչացուած են Ատրպէյճանեան բանակի մը քանի դիրքեր, որուն հետեւանքով ալ  սպանուած են  30  ատրպէյճանցի զինուորներ։ 

 

 Տեղեկութիւնը կը տարածենք որոշակի վերապահութիւններով, տրուած ըլլալով նաեւ որ Պաքու պաշտօնապէս չէ հաստատած այս լուրերը (համաձայն իր «աւանդութեան), սակայն նաեւ հաշուի առնելով, որ Հայոց բանակի վերջին հակահարուածին մասին լուրերը առիքնող էին։