2 սեպտեմբերին, ՀՀ քննչական կոմիտէի՝ Սիւնիքի մարզային քննչական վարչութենէն ներս սպանութեան փորձ յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Այս մասին յայտնած է Shamshyan.com-ը:
Այդ օրը՝ ժամը 03:00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական կողմէն վերահսկուող «Աղքեանդ» կոչուող տարածքէն «Սիւնիք» օդակայանի ուղղութեամբ կրակոցներ արձակուած են:
Եղած է 3 կրակոց, որմէ 2-ը դպած են օդակայանի ժամանման սրահի եւ կարգավարի սենեակի արտաքին պատերուն, ներթափանցած ներս եւ վնասած գոյքը:
Կրակոցներու հետեւանքով տուժածներ չկան:
![]()