Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 10:45-էն կրակ բացած են ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատւութիւնն է:
Ինչպէս հաղորդած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, Ատրպէյճանի ՊՆ-ն տեղեկատուական հիմք կը ստեղծէ հերթական սադրանքի համար: