12 նոյեմբերին, ժամը 18:00-19:00-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Ինչպէս յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Երէկ ժամը 20:30-ի դրութեամբ իրադրութիւնն առաջնագծին վրայ յարաբերականօրէն կայուն էր: