Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս մեկնարկած են լսումներ՝ գնահատելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամը:
«Ատրպէյճանը փակած է Լաչինի միջանք մարդասիրական օգնութեան հասանելիութիւնը՝ հին հայկական համայնքը մատնելով սովամահութեան»,- լսումներու մեկնարկին յայտարարած է յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտես:
Ան նշած է, որ մինչեւ արգելափակումը 120 բեռանտար կ'անցնէր ամէն օր։
Մենենտես Ատրպէյճանի գործողութիւնները որակած է «էթնիք զտում», եւ որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նպատակը «ղարաբաղցիներու հնազանդեցումն է կամ անոնց սովամահ ընելը»:
Ծերակուտականը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը սահմանին մեծաքանակ ուժեր կը կուտակէ ժամանակը քիչ է գործելու համար, ընդամէնը քանի մը շաբաթ: