Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ միջուկային պատերազմին յաղթողներ չեն ըլլար, և այն երբեք պէտք չէ սանձազերծուի․ այս մասին տեղեկացուցած է «ՌԻԱ» գործակալութիւնը։
Պետութեան ղեկավարը ուղերձ յղած է Միջուկային զէնք չտարածելու պայմանագրի համաժողովին։
«Որպէս Պայմանագրի անդամ պետութիւն ՌԴ-ն կը հետեւի անոր տառին եւ ոգիին։ Ամբողջութեամբ իրականացուած են մեր պարտաւորութիւնները ԱՄՆ-ի հետ երկկողմանի պայմանաւորուածութիւններու հարցով։ Միջուկային պատերազմին չեն կրնար յաղթողներ ըլլալ, այն երբեք պէտք չէ սանձազերծուի, եւ միջազգային հանրութեան բոլոր անդամներու անվտանգութեան հարցով մենք կողմ հանդէս պիտի գանք»,-ըսած է ան։