image

ԱԹՍ-ով հարուածներ՝ Տէր Զօրին. կան զոհեր

ԱԹՍ-ով հարուածներ՝ Տէր Զօրին. կան զոհեր

Անօդաչու թռչող սարքերն այսօր հարուածներ հասցուցած են Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգը գտնուող ցամաքային թիրախներու:

Ինչպէս հաղորդած է «Ալ Հատաս» հեռուստաալիքը, յարձակման ենթարկուած է Ալ Համիտիայի մէջ իրանամէտ շիիթ կազմաւորումներու ճամբարը գտնուող վայրը: Ուղիղ հարուածի հետեւանքով ոչնչացուած են զէնքի պահեստն ու զինամթերքով բեռնատարը, զոհուած է ութ մարտիկ։

Հեռուստաալիքի տուեալով՝ Իրաքին սահմանակից շրջանին մէջ կեդրոնացած շիիթ կամաւորներու ընդհանուր թիւը 15 հազար է: Անոնց ջոկատները սուրիական բանակի կողմէն կը կռուին «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ահաբեկիչներու աւազակախումբերուն դէմ։

Նշուած է, որ անցեալ տարուան նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին իսրայէլեան ԱԹՍ-ները հարուածներ հասցուցած են Ալ Մայատինի եւ Պու Քեմալի շիիթ մարտիկներու կայաններուն: Անոնք գրոհած էին նաեւ իրանեան զէնքով եւ նաւթամթերքով շարասիւները՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանին։