image

Ռուսական հարուածներ՝ Քիեւին

Ռուսական հարուածներ՝ Քիեւին

Դեկտեմբեր 20-ի առաւօտեան Ռուսիան հրթիռային հարուած հասցուցած է Քիեւին։

Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի շարք մը հատուածներու մէջ գրանցուած է բեկորներու անկում, հրդեհներ, աւերածութիւններ, գրած է korrespondent.net-ը։

Նշենք, որ Քիեւի մէջ դեկտեմբեր 20-ի առաւօտեան ժամը 7:00-ին ռուսական հրթիռային յարձակման հետեւանքով պայթումներ որոտացած են։ Մայրաքաղաքին մէջ շարունակուած է հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու եւ միջոցներու աշխատանքը։