image

Պէյրութի Աստուածաբանական դպրոցէն 3 նոր շրջանաւարտներ

  Պէյրութի Աստուածաբանական դպրոցէն 3   նոր շրջանաւարտներ

Օրերս Պէյրութի մէջ եղած ամավերջին հանդէսին  յայտարարուած հունձքին ընթացքին հնչած են անունները  հայ երիտասարդներու, որոնք ի մօտոյ պիտի գան համալրելու Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ շարքերը։

Նշենք, որ Պէյրութի Աստուածաբանական Վարժարանը կը գործէ երկար  տարիներէ ի վեր եւ այնտեղ դասաւանդութիւն կը ստանան  ոչ միայն հայ, այլ նաեւ արաբ քոյր համայնքներու սաներ։

 

Ստորեւ  տարածուած հաղորդագրութիւնը։

Շաբաթ, 11 Յունիս 2022ին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցի շրջանաւարտութեան հանդէսին երեք հայ ուսանող վկայական ստացաւ - Արմէն Միսակեան եւ Խաչիկ Նազարեան (Master of Divinity) եւ Շանթ Այնիլեան (Diploma in Theological Studies)։ Նաեւ երկու արաբ աշակերտներ աւարտեցին (Ֆարահ Պու Խէյր եւ Ճորճ Շամմաս)։

Արմէնի եւ Խաչիկի ընտանիքները Հայաստանէն ներկայ գտնուեցան այս հանդէսին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հայց. Աւետ. Եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը - Վեր. եւ Տիկ. Մկրտիչ Մելքոնեան, Վեր. Յովիկ Յովսէփեան, եւ Պատ. Եւ Տիկ. Արամ Բաբաջանեան, գրեթէ բոլորն ալ Մ.Ա.Ա.Դպրոցի շրջանաւարտներ։ Նաեւ մեծ թիւով Հայ Աւետ. Հովիւներ եւ իրենց կողակիցներ, եւ ՄԱՀԱԵՄի ժողովուրդ եւ երիտասարդութիւն ներկայ գտնուեցան։ 

Թող Աստուած այս ծառայողներու առջեւէն երթայ՝ ծառայութեան այս ճանապարհին, ըլլայ Հայաստանի մէջ, Լիբանանի մէջ, կամ այլուր, որպէս զի Տէր Յիսուսի անունը ամէն անունէ վեր բարձրանայ, ի մասնաւորի հայ ազգին մէջ եւ անոր միջոցով։