image
Հրատապ լուրեր:

Աստիճաններու տուչութիւն Արհի. Լեւոն արք. Զէքիեանի ձեռամբ (Լուսանկար)

 Աստիճաններու տուչութիւն  Արհի.   Լեւոն արք. Զէքիեանի ձեռամբ (Լուսանկար)

 Օրերս Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր ՝ Գերպ. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանի ձեռամբ աստիճաններու տուչութեան արարողութիւն տեղի ունեցած է։ 

Այս մասին կը տեղեկանանք Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան մամլոյ դիւանէն, որ այս առթիւ ալ տարածած է հաղորդագրութիւն մը։

 

 Ստորեւ մեր ընթերցողաց ուշադրութեան կը յանձենք այդ հաղորդագրութիւնը։

Ծաղկազարդի նախատօնակին, Շաբաթ երեկոյ, յետ Երեկոյեան ժամերգութեան, Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէներու Վիճակաւոր Արհի․ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան եկեղեցեկան չորս փոքր աստիճաններու տուչութիւն կատարեց եկեղեցւոյ երիտասարդ սպասաւոր Լեւոն Եունքէսին։ Հաւատացեալներու եւ բարեկամներու բազմութիւն մը հետեւեցաւ արարողութեան։ Իր քարոզին մէջ Գերապայծառ Տէրը շեշտեց Սուրբ Եկեղեցւոյ սպասարկութեան եւ այս ծիրին մէջ յատկապէս սարկաւագութիւնը կանխող փոքր աստիճաններուն նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս համայնքի կեանքին մէջ։

Յետ արարողութեան տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին շատեր իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին նորընծայ նուիրեալին։

Լեւոն Եունքէս կը հետեւի թէ՛ հեռակայ կարգով եւ թէ ֆիզիքական ներկայութեամբ կատարուող աստուածաբանական դասընթացքներու։