image

Աստղիկ Աթէշի մահը. Հանգուցեալը քոյրն էր Տ.Արամ արք. Աթէշեանին

Աստղիկ Աթէշի մահը. Հանգուցեալը քոյրն էր Տ.Արամ արք. Աթէշեանին

Տիարպէքիրի  մէջ, իր մահկանացուն կնքած է տեղի հայկական համայնքի երիցագոյն անդամներէն ՝Աստղիկ Աթէշը։ 

 

 Այս մասին  «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականէն։

Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը  երէց քոյրն էր  Պոլսոյ Միաբանութեան տիրական դէմք հանդիսացող Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեանին ու նաեւ մեծ մայրիկը Եւրոպայի մէջ կրօնական  առաքելութիւն իրականացնող  Հոգշ. Տ. Մաղաքիա աբղ.Պէսքիսիզեանին։

տորեւ այս առթիւ «Ժամանակ»ի ներկայացուցած մահագրականը։Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Տիարպաքըրի մէջ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի գաւառի տիրական ներկայացուցիչներէն Աստղիկ Աթէշ-Պաքըր։ 

 Հանգուցեալը, որ 1930-ին ծնած էր, հարազատ քոյրն է Պատրիարքական Աթոռի երէց միաբան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, նաեւ մեծ մայրը՝ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի։ Աստղիկ Աթէշի կեանքի չարքաշ պայքարէն անմասն չէր մնացած այն յամառութիւնը, զոր ան ցուցաբերած էր իր հարազատ եկեղեցիին եւ արմատներուն հաւատարիմ մնալու համար։ Բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են զինքը ու գիտեն իր բոլորած ուղին, այսօր բիւր յարգանքով կը վերյիշեն զինքը։

 

92 տարեկան հասակին մահացած Աստղիկ Աթէշի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։