Սուրիոյ առաջին Տիկին Ասմա Ասատ օրերս Մոսկուա կը գտնուի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ թէլէկրամեան ալիքներէ։
Կը նշուի նաեւ, որ Ասմա Ասատ Մոսկուա մեկնած է իր որդւոյն Հաֆէզ Պաշշար Ասատի աւարտական հանդէսին։
Աղբիւրները կը յայտնեն, որ Հաֆէզ Ասատ ստացած է ուսողութեան մագիստրոսի աստիճան եւ իր ուսման այս փուլը աւարտած է բարձր յիշատակութեամբ (ուսողութեան ճիւղ)։