image

Ասկերանի մէջ. Հրադադարի խախտում

Ասկերանի մէջ. Հրադադարի խախտում

Ասկերանի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան մասին ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ։ 

Ըստ հաղորդագրութեան՝ տուժածներ չկան։ «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական ու հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այս փաստի առնչութեամբ։ 

Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։