Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը միջոցներու կը ձեռնարկէ մոլորուելու հետեւանքով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ յայտնուած արցախցին վերադարձնելու ուղղութեամբ:
Այսօր՝ առաւօտեան ժամը 07։30-ի սահմաններուն ԱՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեանը հաղորդուած էր Ասկերանի շրջանի Այգեստան համայնքի 1971-ի ծնունդ բնակիչ Արմէն Աբրիկի Վերտեանի անյայտ կորսուելուն մասին: Ահազանգի հիման վրայ ձեռնարկուած միջոցառումներու ճամբով պարզուած է, որ ԱՀ յիշեալ քաղաքայինը առաւօտեան Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ եւ Ուղտասար համայնքներու հատուածին մէջ մոլորուելու հետեւանքով յայտնուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին եւ վերջիններուս կողմէ վերցուած է արգելանքի:
Դէպքին մասին անմիջապէս հաղորդուած է ռուս խաղաղապահներուն, որոնք պարզած ու հաւաստիացուցած են քաղաքայինին անվտանգութեան մասին: Այս պահուն բանակցութիւններ կ'ընթանայ ԱՀ քաղաքայինը հայկական կողմին վերադարձնելու ուղղութեամբ: