image

Աշխարհը պէտք է պատուաստուի նաեւ կենսահաբեկչութեան դէմ. Պիլ Կէյթց

Աշխարհը պէտք է պատուաստուի նաեւ կենսահաբեկչութեան դէմ. Պիլ Կէյթց

Կան բնականօրէն յառաջացող համաճարակներ եւ համաճարակներ, որոնք կը յառաջանաեն կենսաահաբեկչութենէն: Վերջինս կրնայ նոյնիսկ աւելի վատ ըլլալ, քան այն, ինչի միջով այժմ կ'անցնինք…

 

Աշխարհը պէտք է պատրաստուի ոչ միայն նոր համավարակներու, այլ նաեւ՝ կենսաբանական զէնքի կիրառմամբ հնարաւոր ահաբեկչական յարձակումներու, որոնք կրնան աւելի վտանգաւոր ըլլալ քան «Քովիտ»ի տարածումը։ Այս մասին յայտնած է Microsoft-ի հիմնադիր եւ բարերար Պիլ Կէյթցը։

Կէյթց ըսած է, որ միլիառաւոր տոլարներ պէտք է ծախսուին համաճարակաբանական անվտանգութեան հետազօտութիւններու եւ նոր սպառնալիքներուն դիմակայելու համար վարակիչ հիվանդութիւններու դէմ պայքարի յատուկ մեխանիզմների մշակման վրայ:

Ան կոչ ըրած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) յատուկ աշխատանքային խումբ ստեղծելու՝ վերահսկելու համաճարակաբանական իրավիճակը։ Կէյթցի խօսքով՝ այս կառոյցը կրնայ պատրաստուիլ նաեւ կենսաահաբեկիչներու կողմէ հնարաւոր յարձակումներուն՝ կիրառելով անոնց հետեւանքներու վերացման սենարները։

«ԱՀԿ-ի՝ համավարակի հարցերով աշխատանքային խումբին, ամենայն հաւանականութեամբ, տարեկան պէտք պիտի ըլլայ մօտ մէկ միլիառ տոլար: Այն պիտի վերահսկէ եւ կատարէ «մանրէաբանական վարժանքներ», ինչպէս ես զանոնք կ'անուանում», ըսած է Microsoft-ի հիմնադիրը Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործերու նախկին նախարար Ճերեմի Հանթի հետ հարցազրույցի ընթացքին, որ այժմ կը ղեկավարէ բրիտանական խորհրդարանի առողջապահութեան հարցերով յանձնաժողովը։

Կենսաբանական զէնքի կիրառմամբ ահաբեկչական յարձակումներու սպառնալիքի կանխարգիլման կարեւորութիւնը Կէյթցը կը բացատրէ հետեւեալ կերպ. «Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ կենսաահաբեկիչները ջրծաղիկ հիւանդութիւն բերեն 10 օդակայաններ: Մենք գիտե՞նք, թէ աշխարհը ինչպէս կրնայ արձագանգել անոր: Կան բնականօրէն յառաջացող համաճարակներ եւ համաճարակներ, որոնք կը յառաջանաեն կենսաահաբեկչութենէն: Վերջինս կրնայ նոյնիսկ աւելի վատ ըլլալ, քան այն, ինչի միջով այժմ կ'անցնինք… Յոյսով եմ, որ հինգ տարի ետք կը կարենամ «Մենք պատրաստ ենք յաջորդ համավարակին» վերնագրով գիրք գրել, սակայն անոր համար պէտք է միլիառաւոր տոլարներ ծախսել հետազօտութիւններու վրայ: ԱՄՆ-ն եւ Մեծն Բրիտանիան պիտի մասնակցին անոր»։